Պառակտումի փորձերին պետք է հավաքաբար ասենք՝ Ո՛Չ
27/10/2025 13:27

«Զգույշ, ժողովուրդ հայոց»․ Մեծի տանն Կիլիկիո Արամ Ա կաթողիկոսն է այս խորագրով հայտարարություն տարածել․
«Մեր շուրջը ու նոյնիսկ մեր կեանքէն ներս մեր ազգը, Հայրենիքը, եկեղեցին, կազմակերպութիւնները, համայնքները եւ Սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը պառակտելու լուրջ փորձեր կը կատարուին, որոնց նշանները յստակօրէն կը տեսնենք Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ։
Ըլլանք արթուն եւ զգօն։ Կառչինք մեր արժէքներուն, սրբութիւններուն, աւանդութիւններուն ու մեր արմատներուն` մերժելով այնպիսի արժեհամակարգեր, մտածելակերպեր ու գործելակերպեր, որոնք խոտոր կը համեմատին մեր էութիւնը կազմող ու ինքնութիւնը երաշխաւորող բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն։ Մեր եկեղեցին մէ՛կ է։ Մեր Հայրենիքը մէ՛կ է։ Մեր ազգը մէ՛կ է։ Պառակտումի, երեւելի թէ աներեւոյթ, փորձերուն դիմաց, մենք պէտք է հաւաքաբար ըսենք՝ Ո՛Չ։
Ա՛յս է պատգամը մեր պատմութեան, մեր հերոսներուն ու մեր սուրբերուն, այսօ՛ր ու մի՛շտ»։